Գլխաւոր Էջ
Ամսուան ՅօդուածըՎարդանանց պատերազմ, 450-451 թուականներուն մարզպանական Հայաստանի տարածքին տեղի ունեցած ապստամբութիւն։ Ուղղուած էր Սասանեան արքունիքի դէմ, որուն նպատակն էր քրիստոնէադաւան հայերուն մէջ տարածել զրադաշտականութիւնը, անջատել հայերը Բիւզանդիոնէն եւ աստիճանաբար ձուլել զանոնք պարսիկներուն մէջ։ Համահայկական պայքարը կը գլխաւորեն ժամանակի հայկական նախարարական տուները՝ Մամիկոնեաններու, Սիւնիներու, Արծրունիներու եւ այլ նախարարներու գլխաւորութեամբ։ Անոնց կողքին կը կանգնի Հայ Առաքելական եկեղեցին։ Ապստամբելու որոշումը կը կայացուի 449 թուականին՝ Արտաշատի ժողովին։ Գլխաւոր ելակէտային ճակատամարտը տեղի կ'ունենայ 26 Մայիս 451-ին՝ Աւարայրի դաշտին վրայ։ Սասանեան Պարսկաստանի հպատակ պետութիւններու շարքին, Մարզպանական Հայաստան արտօնեալ կարգավիճակով ինքնավար երկիր էր։ Հայ նախարարներու եւ բարձրադաս հոգեւորականներու աւանդական իրաւունքներն ու արտօնութիւնները, պաշտօնակալութիւնները եւ հայկական զօրաբանակը ո՛չ միայն կը պահպանուէին, այլեւ պատշաճ մակարդակի վրայ կը գտնուէին։ Սասանեաններուն կը տրուէր հարկ, որքան կը գանձուէր ի շահ վերջին Արշակունիներուն․․․Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր
|
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 13 448-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 13 448 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝


